Թամար Էսքէնեան կամ Թամար Իսկէնեան
Սրինգ, Շվի, Պարոգ Սրինք, Տուտուկ- “ծիրանափող” և Ձայն.
Թամար Էսքէնեանի համար Երաժշտութիւնը աւելին է, քան միայն ձայնը – ան գոյաբանական միջոց մըն է՝ պատմութիւններ պատմելու համար։ Արեւմտեան, ինչպէս
նաեւ արեւելեան երաժշտութեան մէջ իր հմտութիւնը կը վերաբերի երաժշտութեան հանդէպ ունեցած սիրոյն: Իր բազմազան երգացանկը կը վերաբերի հայկական Քրիստոնէութենէն առաջուան ժամանակաշրջանէն մինչեւ եւ
ներառեալ 5-րդ դարու սկզբէն, մինչեւ Եւրոպական Պարոք և ժամանակակից ստեղծագործություններուն: Շնորհալի եւ բազմակողմանի սրնգահար էսքէնեանը, ո՛չ միայն հմուտ է ժամանակակից և պարոք սրինգներուն, այլեւ
ուշագրավ է Շուիի` հայկական աւանդական սրինգի վրայ իր ունեցած մասնագիտութիւնը։ Բացի այդ, խորապէս հիմնուելով իր հայկական արմատներուն, կ՛երգէ հայկական հոգեւոր եւ աւանդական երգեր եւ հնագոյն հնչիւնները
կեանքի կոչելով լսելի կը դարձնէ:
Հետեւաբար, բացի երաժշտական աշխարհի մէջ իր ունեցած լուրջ յառաջդիմութիւնը,Կոմիտաս Վարդապետի հետ իր ունեցած ազգականական կապը
եւս կարեւոր յատկանիշ մը կը դառնայ։
Էսքէնեան, Պազէլի նշանաւոր երաժշտական ակադէմիային մէջ «Kiyoshi Kasai»էն եւ Սալզպուրկի «Mozarteum» Համալսարանին մէջ «Irena Grafenauer»էն ժամանակակից սրինգի ուսում ստացած է: Հետաքային «Schola Cantorum Basiliensis»ի մէջ «Marc Hantai»ի ղեկավարութեամբ մասնագիտացած է պարոք սրինքի (թրավէրսո) կատարումին մէջ: Նուիրուածութեան եւ իր արուեստին շնորհիւ արժանացած է բազմաթիւ պարգեւներու եւ մրցանակներու։ 2018 Պէռլին Միջազգային երաժշտական մրցումին մէջ արժանացած է ոսկի մետալին, ինչպէս նաեւ՝ «Schweizer _Tonkünstlerverein»ի հետ համագործակցութեամբ «the Kiefer-Hablitzel» մրցանակին։ Զուիցեացիոյ մէջ «Concours National d'Exécution Musicale»ին հասած է եզրափակիչ փուլին: Երաժշտական որակին հանդէպ իր տենջանքով ու նուիրուածութեամբ, համաշխարհային հայտնի բեմերու վրայ ներկայացումներ ունեցած է:
Daniel Barenboimի ղեկարութեամբ West-Eastern Divan նուագախումբով հանդէս եկած է Լոնտոնի Royal Albert Hall սրահին մէջ: Բաց աստի, Փարիզի Salle Pleyel, Պեռլինի Staatsoper և Պուէնոս Այրէսի Teatro
Colón համերգասրահներուն մէջ բեմ բարձրացած է: Համահայկական նուագախումբի եւ Հայաստանի Ֆիլհարմոնիկ Նուագախումբով միատեղ Հայաստանի Պետական Օբերայի սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ Ալէն Ալթինօղլուի
ղեկավարութեամբ Փարիզի «Théâtre du Châtelet»ի մէջ Հայկական Համաշխարհային Նուագախումբով հանդիսութեանց մասնակցած է: Բաց աստի, Էսքէնեանը համագործակցած է Պեռլինի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբի, Bayrische
Rundfunk նուագախումբի, Շիքակոյի սիմֆոնիք նուագախումբի և «Staat-kapelle_Berlin»ի երաժիշներով համագործակցած է:
2017-ին, Նիւ Եորքի Carnegie Hall սրահին մէջ սենեկային երաժշտութեան մէջ նշանաւոր դառնալ
սկսաւ, նաեւ Գերմանիայի Schleswig-Holstein եաշտական փառատօնի, Շուիզերիոյ La Folia
վաղ երաժշտութեան փառատօնի, Lucernի փառատօնի, Լոնտոնի BBC Promsի եւ Սկովտիաի Edinburgh փառատօնի նման նշանաւոր հանդիսութիւններով հանրութեան ներկայացաւ:
Թամար Էսքէնեանի երաժշտասիրութիւնը զգալի է, թէ՛ ավանդական եւ թէ' ժամանակակից երգացանկը իրյատուկ ոճով ներկայացված ժամանակ։ Բաց աստի բազմադարեան Հայ ժողովորդական ու հոգեւոր երաժշտութիւնը եւս կը
մեկնաբանէ։ Շուիի մէջ վարպետութիւնը առիթ կը ստեղծէ, որ նոր շունչով ներկայացնէ այս աւանդութիւնները։
Ուսումնասիրած է հայկական եւ եվրոպական երաժշտութիւնը եւ Լոնտոնի համաշխարհային երաժշտական համալսարանի եւ Քորէայի Seol Համալսարանի նման հաստատութեանց մէջ դասախօսած է իր գիտելիքները։
Որպէս սենեկային երաժիշտ, Էսքինեան եղած է բազմաթիւ անսամպլներու համահիմնադիրը, Շուիցերիոյ մէջ ուր Թամար հաստատուած է:
Իր կատարումները Radio SRF, RTS-ի նման խոշորկայաններու մէջ սփռուած է եւ հասած` ընդարձակ հաւաքականութեան: James Galway, Aurel Nicolet, Emmanuel Pahud, Barthold Kuijkenի նման յարգուած երաժիշտներու հետ աշխատելու առիթը ունեցած է:
Էսքէնեանի երաժշտութիւնը կը կամրջէ մշակոյթներն ու աւանդութիւնները՝ դարձնելով զինքը համաշխարհային բեմի իւրայատուկ անձնաւորութիւններէն միոյն: Անկախ վաղեմի եւ կամ ժամանակակից հայ ստեղծագործութիւններ մատուցանելը, իր եզակիութիւնը, սէրը եւ արուեստը բացառիկ ձեւով կը ներշնչէ հանդիսատեսներուն: