Թամար Էսքէնեան  կամ  Թամար Իսկէնեան

Արուեստագէտուհի,բազմագործիքահարուհի,երգահան.

Դիտեցէ՛ք իմ վավերագրական ֆիլմը

Թամար Էսքէնեանի համար Երաժշտութիւնը աւելին է, քան միայն ձայնը – ան գոյաբանական միջոց մըն է՝ պատմութիւններ պատմելու համար։ Արեւմտեան, ինչպէս նաեւ արեւելեան երաժշտութեան մէջ իր հմտութիւնը կը վերաբերի երաժշտութեան հանդէպ ունեցած սիրոյն: Իր բազմազան երգացանկը կը վերաբերի հայկական Քրիստոնէութենէն առաջուան ժամանակաշրջանէն մինչեւ եւ ներառեալ 5-րդ դարու սկզբէն, մինչեւ Եւրոպական Պարոք և ժամանակակից ստեղծագործություններուն: Շնորհալի եւ բազմակողմանի սրնգահար էսքէնեանը, ո՛չ միայն հմուտ է ժամանակակից և պարոք սրինգներուն, այլեւ ուշագրավ է Շուիի` հայկական աւանդական սրինգի վրայ իր ունեցած մասնագիտութիւնը։ Բացի այդ, խորապէս հիմնուելով իր հայկական արմատներուն, կ՛երգէ հայկական հոգեւոր եւ աւանդական երգեր եւ հնագոյն հնչիւնները կեանքի կոչելով լսելի կը դարձնէ:
Էսքենեանի երաժշտութիւնը կը կամրջէ մշակոյթներն ու աւանդութիւնները՝ դարձնելով զինքը համաշխարհային բեմի իւրայատուկ անձնաւորութիւններէն միոյն: Անկախ վաղեմի եւ կամ ժամանակակից հայ ստեղծագործութիւններ մատուցանելը, իր եզակիութիւնը, սէրը եւ արուեստը բացառիկ ձեւով կը ներշնչէ հանդիսատեսներուն: